2014-07-29 12:08:29

Կարտինալ Ռացինկերի նախկին ուսանողները օգոստոսին դարձեալ կը հաւաքուին` որպէս աշխատանքներու նիւթ ունենալով ''Խաչի աստուածաբանութիւնը''


Կարտինալ Ռացինկերի աստուածաբանութեան նախկին ուսանողները, յառաջիկայ 21-24 Օգոստոս, դարձեալ կը հաւաքուին Քասթել Կանտոլֆօ` Հռոմի հարաւը, սերտելու Խաչի աստուածաբանութիւնը նիւթը։
Անցեալ տարի անոնք քննարկեցին ''Աստուծոյ հարցը աշխարհականացումի շրջափակէն ներս'' նիւթը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մէկ Սեպտեմբեր 2014-ին հանդիպում պիտի ունենայ անոնց հետ։ Յայտնենք որ մէկ շաբաթ տեւող այս հանդիպումները Ռադիզպոնա համալսարանի դասախօս Ռացինկերի եւ իր ուսանողներուն հետ, սկիզբ առին 1970-ական տարիներուն ''ամառնային դասընթացք'' անուան տակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.